2010-08-23 11:59:03

Իրագ - Պաղտատի թեմի տեղապահը` գերապայծառ Ուարտինի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցը:


Պաղտատի թեմի տեղապահը` գերապայծառ Ուարտինի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հեռաձայնայն զրոյցով ցաւ յայտնած է ամերիկեան զօրքի արաք մեկնումին համար ընդգծելով թէ օտար զօրքերու մեկնումը պէտք էր իր ետին խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն թողուլ։ Դժբախտաբար պարաքան այդ չէ եթէ նկատի առնենք այս օրերու արիւնալի մահափորձերու ալիքը որ սուգի մէջ մատնեց երկիրը։ Պատերազմը սկսաւ 2003ին նախագահ Ժորժ Պուշուվ։ Ան արդարացուց իր այս քայլը հաստատելով թէ Իրագի մէջ կան զանգուածային աւերում պատճառող զէնքեր։ Այս քայլը ծառայեց վար առնելու Սատամ Հիւսէնի վարչաձեւը առանց սակայն հաստատելու անվտանգութիւնը։ ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հաստատէ թէ պատերազմը ամէն ինչ կը քանդէ եւ ոչ մէկ բարիք յառաջ կը բերէ։ Ներկայիս փրկրին մէջ կը տիրէ անիշխանութիւնը, անապահովութիւնը եւ գործազրկունմը։ Գերապայծառ Ուարտինիի համար քրիստոնեաները ահաբեկիչներու թակարդին մէջ են, նոյնպէս եւ իրագցի բոլոր քաղաքացիները թիրախ ենբռնութեան։ Հուսկ գերապայծառ Ուարտինիի գնահատումով հարկ է որ կայուն իշխանութիւն մը եւ զօրեղ կառավարութիւն մը հաստատուի յարգել տալու օրէնքը, որովհետեւ առանց օրէնքի կարելի չէ ապրիլ։









All the contents on this site are copyrighted ©.